2012-10-02 11:44:20

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի <> Խմբագրականը
Տիրամօր տօնին նախօրեակին


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 4 հոկտեմբերին Լորէթոյի Սրբավայրը կ՛այցելէ, Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի սկիզբի նախօրեակին, երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ սրբազան Քահանայապետի 50 տարիներ առաջ կատարած պատմական այցելութեան առթիւ։
Ուխտագնացութեան նպատակն է Տիրամօր յանձնել եկեղեցւոյ ներկայ աղօթքի դիտաւորութիւնները ու նա մանաւանդ Հաւատքի տարին ու Նոր աւետարանացումի եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսը։
Առաջին անգամը չէ որ Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ Լորէթոն։ Կարդինալ եղած ժամանակ եօթը անգամ այցելած է Տիրամօր այս սրբավայրը եւ ուրիշ մէկ անգամ ալ որպէս քահանայապետ։ Քրիստոնեայ ժողովուրդի ջերմեռանդութեան մէջ այդ վայրը, Մարիամի եւ Սուրբ Ընտանիքի հեզ բնակավայրն է, մարդեղութեան եւ աւետումի ողջ յիշատակի աղբիւր, հոգեւոր եւ խորհրդանշական ատակ վայր մը, պատրաստուելու համար այսօրուայ աշխարհին Աւետարանը հռչակելու նորոգուած առաքելութեան։
Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը, որուն բացումն ու փակումը կատարուեցան Աստուածամօր յղացումի եւ Անարատ Յղութեան զոյգ տօներուն առթիւ, եկեղեցւոյ <<ժողովուրդներու լոյս>> վաւերաթուղթի վերջին հատուածը նուիրած է Մարիամի որպէս <<նշան յոյսի եւ Աստուծոյ ուղեւոր ժողովուրդի մխիթարանք>>։ Եկեղեցին եւ Աստուծոյ ուղեւոր ժողովուրդը Մարեմական են։
Սկսելով մեր ուղեւորութիւնը, Յովհաննէս ԻԳ-ի նման եւ Պենետիկտոս ԺԶ հետ միասին, վերապրելով աւետումի եւ մարդեղութեան խորհուրդի ուրախութիւնը կարելիութիւնը կ՛ունենաք ապրելու սիւնհոդոսական ամիս մը եւ շնորհքի տարի մը առաջնորդուած եւ քաջալերուած Յիսուսի ու մեր Մօր կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.